Չորեքշաբթի օր, 2026 թուականի Յունուար 7-ին, Իրաքի մօտ Պապական Դեսպան Մոնսինիոր Միրոսլավ Վախովսքին դեսպանատան իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի կարգ մը Քրիստոնեայ Համայնքապետեր, որոնք եկած էին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը եւ Նոր Տարին շնորհաւորելու և այդ առթիւ բարեմաղթանքներ փոխանակելու։ Բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւկիւլեանը։




