7 Յունուար 2025-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօներուն առթիւ, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Մեծ  Պրիտանիոյ դեսպանատան պատուիրակութիւնը։

Այցելութեան ընթացքին, հիւրերը Սրբազան Հայրին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր ծանօթացան անոր պատմութեան եւ ճարտարապետական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Հանդիպման ներկայ եղան Քահաննայ Հայրերը։

About The Author

By iamc