Հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` Հինգշաբթի, Փետրուար 12ին ի Տօնին Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Աւզրուկ հայաբնակ գիւղի Սուրբ Վարդան Եկղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատուցեց Հոգշ․ Տ․ Դերենիկ աբեղայ Սահակեանը։ Մասնակցութեամբ Հոգեւորականաց Դասը։ Ներկայ եղան Թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները:















