Այսօր` օգոստոսի 30-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սբ. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանը, մասնակցութեամբ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանի։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնեց եկեղեցիին նուիրաբերած Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին և Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանին պատկերները կրող Խաչվառները, ապա իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Լուսանկարները`
Պրն. Վահիկ Աւետիսեան






























