Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2026-ին, Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Իրաքահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի։ Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գէորգեանը՝ մասնակցութեամբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանի։
Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, Տհօքի Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, ինչպէս նաեւ Զախոյի եւ Հաւրէզքի Թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները։


























