Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը Օգոստոսի 8-ին, ԻՀԵԵ Միութեան սրահին մէջ, ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Իրաք այցելած հոգեւոր հայրերուն՝ անոնց այցելութեան աւարտին առիթով։

Հանդիպման աւարտին, կեդրոնական վարչական ատենապետ՝ Պրն. Կարպետ Գալուստեանը, յուշանուէր մը յանձնեց հոգեւոր հայրերուն։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք,    քահանայ  հայրերը   եւ Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները։

About The Author

By iamc