12 Օգոստոս 2026-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ. Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, այցելեց Քիւրտիստանի Խորհրդարանի Պատգամաւոր Պրն․ Ռամի Սիաուշին։ Հանդիպման ընդացքին քննարկուցաւ մեր ժողովուրդի ընդհանուր իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ ընդգծելով բոլոր մակարդակներու միջեւ համակարգուած աշխատանքի եւ համատեղ գործակցութեան կարեւորութիւնը։




