4 Սեպտեմբեր 2026-ին, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Թեմի նոր Հոգեւոր Առաջնորդի ընտրութիւնը։
Ընտրութեան ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները եւ Իրաքի տարբեր մարզերէն Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու Թաղական Խորհուրդներու ներկայացուցիչներ՝ ընդամէնը 33 ներկայացուցիչ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած էին երեք թեկնածուներ։ Կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով՝ Իրաքի Հայոց Թեմի Հոգեւոր Առաջնորդ ընտրուեցաւ Հոգեշնորհ Տ. Անտրանիկ Վարդապետ Գէորգեանը։
Ընտրութեան աւարտին, բոլոր ներկաները իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեցին Թեմիս ներկայ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանին, իր չորսամեայ առաջնորդութեան ընթացքին ցուցաբերած նուիրեալ ծառայութեան, մեծ ջանքերուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար։
Ներկաները նաեւ իրենց ջերմ բարեմաղթութիւնները յղեցին նորընտիր Հոգեւոր Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Անտրանիկ Վրդ. Գէորգեանին, մաղթելով անոր յաջողութիւն, նորանոր ձեռքբերումներ եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ իր առաջիկայ հոգեւոր ծառայութեան եւ առաքելութեան մէջ։
Լուսանկարները՝
Պրն. Րաֆֆի Լուսեան

































































