Ներկայութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գեւորգեանի, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2026–ին, Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Հոգեշնորհ. Տ. Դերենիկ Աբեղայ Սահակեանի կողմէ:
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման և գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին: Պատարագին ներկայ եղան հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը Պրն. Կարապետ Գալուստեանը ու անդամներէն ոմանք եւ Եկեղեցապան մարմնի անդամները։















