30 Հոկտեմբեր 2026-ին, Իրաքի Հայոց Թեմի նորընտիր Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Անդրանիկ Վրդ․ Գեւորգեանը մատուցանեց իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան՝ որպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ Տոքթ. Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը, Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն․ Ռուբէն Սողոյեանը, հիւպատոս Պրն. Արամազդ Մուրատեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը եւ անդամները, հայ համայնքներու Թաղական խորհուրդներու ատենապետները, Հոգեւորականաց դասը, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւնները, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը և հոծ բազմութիւն։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Գերաշնորհ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը հովուական գաւազանը յանձնեց նորընտիր Առաջնորդին՝ մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն՝ իր Եկեղեցական առաքելութեան մէջ։