25 Նոյեմբեր 2026-ին, հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գեւորգեանի, Հաւրէզի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։

Պատարագը մատուցեց Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յակոբոս Քհնյ. Իսահակեանը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, «Լեւոն Փաշա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Առաջնորդ Հայր Սուրբին հետ։

Արարողութեան ներկայ էին Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, Հաւրէզի եւ Աւզրուկի Թաղական Խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները, Հաւրէզի գիւղապետը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ բարեպաշտ հաւատացեալներ։

About The Author

By iamc