Շինարարութիւն Հաւրէզքի Մէջ
18 Սեպտեմբեր 2019-ին, «Զուլալ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը՝ Հաւրէզք գիւղի թաղական խորհուրդի ջանքերով, Արժանապատիւ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի օրհնութեամբ, Հաւրէզք գիւղապետի եւ Մեսրիկ քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, նորոգուեցաւ Հաւրէզք գիւղ տանող ճանապարհը։
Մանկական Դպրաց Դասի Ուսուցում
2019ի ամառուան արձակուրդներուն ընթացքին օրհնութեամբ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի եւ Օրդ․ Թալին Ռոստոմի ջանքերով կազմակերպուեցաւ՝ «Մանկական դպրաց դասի ուսուցում»: Ուսուցման նպատակն է՝ նոր սերունդը նախապատրաստել եկեղեցական ծառայութեան։
Ձեռնարկ Հաւրէզքի Մէջ
30 Օգոստոս 2019ին, Հաւրէզք գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Կիրակնօրեայ դասընթացքին մասնակցող աշակերտներու աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին նուէրներ բաշխուեցան աշակերտներուն։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեան եւ թաղական խորհուրդի անդամներ: