Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հաւրէզք գիւղի՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Հաւրէզքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեան:  Պատարագի արարողութեան մասնակցեցան  տեղւոյն սարկաւագներն ու դպրաց դասը։ Ս․ Պատարագի աւարտին  կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:

About The Author

By iamc