_________________________________________
27 Ապրիլ 2022-ին, օրհնութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաք Արք․ Ասատուրեանի, պատուիրակութիւն մը կազմուեցաւ Արժ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդաներէն, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Ասիրիական եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած Երուսաղէմէն բերուած ճշմարիտ լոյսը…
24 Ապրիլ 2022-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ասորական եկեղեցւոյ եւ Ասիրիական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ…
26 Ապրիլ 2022-ին, Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութեան վարչութիւնը այցելեց Պաստառի Հայոց Ազգային նախակրթարան, երկսեռ վարժարան եւ մանկապարտէզ։ Հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Պրն. Ալպէր Չոլաքեանի եւ ուսուցչական կազմին հետ եւ մանկապարտէզին տնօրինութեան հետ, ապա շրջելով դասարանները…
22 Ապրիլ 2022-ին, կազմակերպութեամբ՝ Էրպիլի Հայ Մշակութային եւ Ընկերային Միութեան վարչութեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան կողմէ՝ Պրն․ Հրանդ Վարդանեան, այնուհետեւ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, ուր իրենց մասնակցութիւնը…
24 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։ Պատարագին աւարտին հանդէս եկան եկեղեցւոյ դպրաց դասը ազգային երգերով եւ բանաստեղծութիւններով, այնուհետեւ ծաղկեպսակներ տեղադրուեցան ցեղասպանութեան…
Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած, Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանը Սբ․ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի աւարտին յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ…
17 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առթիւ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ներկայ էին ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոս Պրն․ Անդրանիկ…
17 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան Սուրբ Պատարագը։ Արարողութեան ներկայ էին Թաղական խորհուրդի վարչութեան ատենապետն ու անդամները եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։
17 Ապրիլ 2022-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հանդիսաւոր պատարագը։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Տըհոքի Քրիստոնէական աւանդապահութեան տնօրէն Պրն. Մուհամատ Խալըտ, նաեւ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
17 Ապրիլ 2022-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով։ Հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ՝ Սրբազան Հայրը իր պատգամը յղեց բացատրելով…