26 Նոյեմբեր 2026-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեւեցաւ Սուրբ և Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գեւորգեանը։ Մասնակցութեաբ սոյն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յակոբոս Քհնյ. Իսահակեանի, Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանի, Զախոյի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեանի ու անդամները եւ Աւզրուկի Թաղական Խորհուրդի ատենապետն ու անդամները։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Հայր Սուրբը իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Հայր Սուրբին ձեռամբ կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ նոր աշտանակներուն օրհնութեան արարողութիւնը, որոնք նուիրուած էին Տիար Յակոբ Սիփան Ներսէսեանի կողմէ։
Արարողութեան աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը հանդիպում ունեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ՝ Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ։





































