Պաղտատի Ազգային Վարժարանը, 2018-ի Մարտի 10-ին, կազմակերպեց ձեռնարկ մը, նուիրուած Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան եւ վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտներուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ազգային վարժարանի սրահին մէջ։ Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ հիմնով։ Հանդէսին հնչեցին ազգային եւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ եւ ասմունքներ։ Հանդէսը հովանաւորեց Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանը։ Ներկայ էին Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեանը, քահանայ հայրեր, կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, ծնողներ եւ հիւրեր։