Ապրիլ 30-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուեցաւ “Իրաքի Կրօններ”ու համագումարի նախապատրաստական ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ համագումարին ապագայ ընելիքներն ու ծրագիրները։ Ժողովին ներկայ էին շարք մը կրօնապետեր, կրօնագէտներ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը։ Ժողովը գլխաւորեց` թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ․Աւագ արք Ասատուրեանը։