Տարւոյս Մայիսի 5-ին, Հայոց ազգային մանկապարտէզը, կազմակերպեց 8 մանուկներու աւարտական հանդէս: Հանդէսին ներկայ էին` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանը, հոգեւորականաց դասը, ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մանուկներու ծնողներն ու հիւրեր։ Ձեռնարկին կատարուցան մանկական զանազան երգեր ու պարեր։ Հանդէսի աւարտին սրբազան հայրը նորաւարտ աշակերտներուն յանձնեց վկայականներ եւ նուէրներ։