ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քհն․ Գաբրիէլեանին նուիրուած Երեկոյ

 DSC_0113

Մայիս 13-ին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ԻՀԲԸՄ սրահին մէջ, կազմակերպեց հրաժեշտի երեկոյ՝ ի պատիւ Պաղտատի Սբ․Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ․Մեսրոպ քհնյ․Գաբրիէլեանին։ Հաւաքոյթին ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանը, հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, եկեղեցապան մարմնի ներկայացուցիչները եւ հիւրեր։ Սրբազան հայրը գնահատանքի խօսք ուղղեց Տէր հօրը, շնորհակալութիւն յայտնելով Իրաքի թեմէն ներս իր մատուցած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Պր․Մելքոն Մելքոնեանն անդրադարձաւ Տէր հօր բազմամեայ գնահատելի գործունէութեանը։ Տէր հայրն ալ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց  առաջնորդ սրբազան հօր եւ բոլորին, իրենց մշտական աջակցութեան համար։

Print Friendly, PDF & Email

%d