Սբ․ Պատարագ եւ Հանրապետական Մաղթանք ՀՀ 100 Ամեակի առիթով
Posted on
Սոյն թուականի Մայիս 25-ին, Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակին։ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, ապա հայր սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակին: Պատարագին ներկայ էր ՀՀ դեսպան Պր․Կարէն Գրիգորեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ թեմիս հաւատաւոր զաւակներ։