Skip to content

Տարւոյս Հոկտեմբեր 8-ին հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի, ՀՄԸ միութիւնը կազմակերպեց եւ բացումը կատարեց Պաղտատի 10 եկեղեցիներու հաւաքականներու միջեւ կայանալիք ֆուտպոլի մրցում նուիրուած ՀՀ հարիւր ամեակին։ Առաջին խաղը տեղի ունեցաւ առաջնորդարանիս Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ասորի Սբ. Աստուածածին եկեղեցիներու հաւաքականներու միջեւ։ Բացմանը ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեան, քահանայ հայրեր, ազգային կեդրոնաան վարչութեան ատենապետ եւ անդամք։
Like this:
Like Loading...