DSC_0005

Նոյեմբերի 20-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸ միութեան, կայացաւ «Խաղաղութիւն եւ Սէր» խորագիրով  եկեղեցական ֆութպոլի խումբերու մրցոյթը նուիրուած ՀՀ 100-ամեակին։ Պաղտատի 10 եկեղեցիներու մարզական խումբերէն առաջնութեան արժանացաւ «Սէյիտէթ ալ-Նաճաթ»  եկեղեցւոյ խումբը: Յաղթող խումբին եւ մասնակից խումբերուն բաժնուեցան մրցանակներ եւ յուշանուէրներ: Մրցանակները յանձնեցին  Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանը, ազգային  կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները նաեւ ՀՄԸՄ-ի ատենապետը:

About The Author

By iamc