Իրաքի Հայ Բարեգործական Միութեան Վարչութիւնը՝ նախագահութեամբ պարոն Բագրամ Տէր Յակոբեանի, ամսոյս 25ին ցաւակցութիւն ընդունեց բարերարուհի եւ Բարեգործական Միութեան նախկին նախագահ Լուիզ Մանուկեանի յիշատակին, որը Փետրուարի 18ին մահականացուն կնքեց ԱՄՆ ի մէջ: Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին՝ Իրաքահայ Թեմի Առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրաեանը, ՀՀ Դեսպան՝ տիար Հրաչ Փոլատեանը եւ դեսպանութեան կցորդ՝ պարոն Ալիք Ղարիպեանը, հոգշ. Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեանը, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիներ եւայլք: Այս առիթով առաջնորդ Սրբազանը սրտի խօսքով արժեւորեց հանգուցեալի տարած տասնեակ տարիներու ազգօգուտ աշխատանքն ու բարեգործութիւնները:Միութեան վարչութեան անունով, դոկտ. Լիտա Էկիտպաշեան հակիրճօրէն ներկայացուց հանգուցեալի կենսագրականը: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: