Հովանաւորութեամբ՝ Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Հոգեշնորհ  Տ․ Օշական Վրդ․Կիւկիւլեանի, 29 Հոկտեմբեր 2022-ին, ԻՀԲԸ միութեան Գեղարուեստական յանձնախումբը  կազմակարպեց՝ «Սայաթ Նովա» փոքրիկներու Անսամպլի երեկոյ։  Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ  միութեան Թաճիրեան սրահին մէջ։ Ձերնարկը բացուեցաւ տէրունական աղօթքով Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանին կողմէն,  ապա ազգային պարերով եւ երաժշտութեամբ հանդէս եկաւ «Սայաթ Նովա»  անսամպլը։ Օրուան ներկայ էին՝ Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Արշակեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն, միութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչները եւ համայնքի զաւակներէն։

About The Author

By iamc