Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գեղարվեստական յանձնախումբը, “Սայաթ Նովա” փոքրերու անսամբլի մասնակցութեամբ, Ուրբաթ օր, հոկտեմբերի 13-ին երեկոյթ մը կազմակերպեց։
Ձեռնարկին, որը տեղի ունեցաւ Միութեան Երջանիկ Թաճիրեան սրահին մէջ, երկսեռ փոքրիկներ, պարման ու պարմանուհիներ իրենց նուագարաններով, երգերով ու պարերով յաջող ու գեղեցիկ ելոյթ մը հրամցուցին, արժանանալով ներկաներու ծափահարութիւններուն ու գնահատանքին, որու մասին անդրադարձաւ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքին մէջ։ Ան միևնոյն ատեն իր խնդակցութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն և կազմակերպիչներուն։
Յիշատակութեան արժանի է, որ այս ձեռնարկին ներկայ եղաւ նաեւ Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ` Գեր. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար Տիար Ռուբէն Սօղոյեանը, ՀՀ հիւպատոս Տիար Հրաչեա Յովհաննէսեանը և Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՜ընկերակցեր Հայաստանէն ժամանած արժ. Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը, որը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ առաքուած է Իրաք մեր Թեմը ծառայելու նպատակով։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ










