Մանկական Տարազներու Ցուցադրութիւն ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ
Posted on
Մարտ 1-ին, ԻՀԲԸ Միութեան սրահին մէջ կազմակերպութեամբ՝ միութեան Տիկնանց մշակութային յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Մանկական Տարազներու ցուցադրութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Իրաքի մօտ ՀՀ դեսպանի տիկինը՝ Զարա Պալեանը, Միութեան վարչութեան անդամները, ծնողներ եւ հիւրեր: