Skip to content

Մարտ 16-ին, ԻՀԲԸ միութիւնը կազմակերպեց համերգ-ձեռնարկ՝ նուիրուած Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100 ամեակին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Լիտա Եկիտպաշեան, որուն մէջ նշեց բանաստեղծուհիին կեանքի հանգրուանները եւ գործունէութիւնը, այնուհետեւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը կատարեց Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններով յօրինուած երգեր, որմէ ետք հնչեցին երաժշտութիւն եւ սրտի խօսքեր։ Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան իր փակման խօսքին մէջ կարեւորեց գրականութեան դերը Հայ ազգի մտաւոր զարգացման գործին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ ՀՀ դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեան, Ազգային կեդրոնական, Պաղտատի եւ միութենական վարչութեանց անդամներն ու հիւրեր։