6 Դեկտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ ԻՀԲԸ միութեան վարչութեան, կայացաւ ամենայն Հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած երեկոյ, որ տեղի ունեցաւ միութեան Թաճիրեան սրահին մէջ: Յայտագիրին սկիզբը ներկայացուեցաւ բանաստեղծի կեանքը, ապա Սայաթ-Նովա երգչախումբը կատարեց բանաստեղծի գրած երգերէն մաս մը, որմէ ետք հնչեցին երաժտութիւն եւ սրտի խօսքեր։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ գերշ․ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեան, ՀՀ դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեան եւ կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ եւ անդամք։



