ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանին Մէջ Յիշատակուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Տօնը

Օրհնութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Դեկտեմբեր 14-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ յիշատակուեցաւ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Յայրապետի տօնը։ Հպարտութեամբ նշենք, որ առաջնորդարանի թանգարանին մէջ է Սուրբի Մասունքը՝ տեղադրուած խաչի պատեանի մէջ, որ բերուեցաւ արարողութեան ընթացքին։ Ձեռնարկի աւարտին Սրբազան Հայրը՝ իր փակման խօսքէն ետք ներկաները հրաւիրեց Սուրբ մասունքէն օրհնութիւն ստանալու։ Օրուան ներկայ էին, կեդրոնական վարչութեան անդամներէն եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, որոնք շնորհաւորեցին Սուրբի անունը կրող անձանց։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author