ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Քրիստոսի Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Պաղտատի Սբ․ Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Երկուշաբթի, Յունուար 6-ին, Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Պաղտատի Սբ․ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ ձեռամբ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի: Յընթացս Սբ. Պատարագի  կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Սբ. Պատարագի աւարտին, Սրբազան հայրը ընդունեց հոգեւորականաց դասը, Իրաքի Մօտ ՀՀ դեսպանութեան կցորդ Պր․ Ալիկ Ղարիպեանը, ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն եւ համայնքիս զաւակներէն, որոնք եկած էին փոխանակելու Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: