ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊՀԵԵՄ

ՊՀԵԵ Միութիւնը Յիշատակեց Ս. Սարգիսի Տօնը

 Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առթիւ Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց  միութեան տիկնանց յանձնախումբը, ընտանեկան հաւաքոյթ մը կազմակերպեց միութեան նորաշէն սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան՝ երգ, պար, մրցումներ եւ նուէրներու բաշխում։ Օրուան  Ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Իրաքի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կցորդ` Պր․ Ալիք Ղարիպեան եւ ՊՏՄ միութեան անդամները։ Այս առիթին բաժնուեցաւ աւանդական բլիթը։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author