ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Պաղտատի ՄԷջ Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

 Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Պաղտատի Սբ․ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնը: Հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւնը, որուն աւարտին Սրբազան Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը:   Տօնակատարութեան ներկայ էին Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կցորդ՝ Պր․ Ալիք Ղարիպեան:

Print Friendly, PDF & Email

About The Author