Մարտ 9, 2020-ին, իրաքի հայոց առաջնորդարանի սրահէն ներս պաշտօնէութեան մասնակցութեամբ նշեցին կանանց միջազգային տօնը։ Իրաքի ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ պրն․ գէորգ գատոյեան իր բացման խօսքին մէջ նախ ջերմօրէն շնորհաւորեց կանանց տօնը ապա շեշտեց հայ կնոջ կարեւոր դերը թէ ընտանիքին եւ թէ հասարակութեան մէջ, այնուհետեւ նուէրներ բաժնեց կին պաշտօնեաներուն։ Օրուան ներկայ էր հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վրդ․ Սարգիսեան, որը պատմական ակնարկ մը նետեց հայ կնոջ վսեմ առաքելութեան վրայ։