ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Իրաքի Մէջ Շարք Մը Դեսպաններ Այցելեցին Պաղտատի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Օրհնութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի Ուրբաթ, 15 Մայիս 2020-ին, Պաղտատի Սբ. Աստուածածին եկեղեցի այցելեցին Իրաքի մէջ Հայաստանի՝ Պր․ Հրաչեա Փոլատեան, Ռուսիոյ՝ Մաքսիմ Մաքսիմով, Սերպիոյ՝ Պր․ Պալոֆ Ուրոշ եւ Խորուաթիոյ՝ Պր․ Իվան Իւրիչ Հանրապետութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները: Ուխտագնացութիւն կազմակերպած դեսպանները եկեղեցւոյ մէջ իրենց աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած: Աւարտին անոնք ծանօթացան սրբավայրի դարաւոր պատմութեան։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author