Սուրբ Աստուածածնայ Ծննդեան տօնակատարութիւն Պաղտատի Մէջ
Posted on
8 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, նշուեցաւ Սբ․ Մարիամ Աստուածածնայ ծննդեան տօնը: Օրուան պատարագիչն էր Արժանապատիւ Տէր Գէորգ քհնյ․ Արշակեան։ Տօնակատարութեան ընթացքին շնորհակալական գիրեր յանձնուեցան շարք մը բարերարներու, որոնք մշտապէս աջակցած են եկեղեցանուէր աշխատանքներուն։ Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան, անդամ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան եւ Եկեղեցապան մարմնի անդամները ինչպես նայեւ Պասրայի թաղական վարչութեան ատենապետ Պր․ Խաժակ Վարդանեանը։