10 Սեպտեմբեր 2020-ին, Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան եւ դեսպանատան կցորդ՝ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան այցելեցին Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի։ Հիւրերուն դիմաւորեցին շրջանի վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Քիւրտիստանի խորհրդարանի երեսփոխան՝ Պրն․ Վահիկ Սիրանեան, ինչպէս նաեւ Տըհոքի քաղաքապետարանի աշխատակից՝ Պրն․ Իշխան Սարգիսեա եւ համայնքի հաւատաւոր զաւակներէն: