Հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Կիրակի օր, 2 Օգոստոս 2026- ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վարդապետ Գէորգեանը՝ մասնակցութեամբ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանի: Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը եւ Հոգեշնորհ Վարդապետը Զախոյի Եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցան համայնքի զաւակներուն հետ։  Ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, ինչպէս նաեւ Զախոյի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Դաւիթ Մարտիրոսեանը եւ անդամները։

About The Author

By iamc