10 Յունիս 2026-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանը իր մասնակցութիւնը բերաւ Զախոյի Դալալ կամուրջի հրապարակին մէջ կազմակերպուած փառատօնի ձեռնարկներուն։ Ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանէն ժամանած «HRAYRQ FOLK DANCE» պարախումբը։ Ներկայութեամբ Վսեմաշուք Նախագահ Մասուուտ Պարազանիին, պետական այրեր,  Զախոյի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Դաւիթ Մարտիրոսեանը, խորհուրդի անդամներէն ոմանք ինչպէս նաեւ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս Քհնյ. Իսահակեանը։

About The Author

By iamc