ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Զախոյի ՄԷջ Երեկոյթ Վարդանանք Տօնին Առիթով

11 Փետրուար 2021-ին, Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբը կազմակերպեց երեկոյթ մը՝ Սուրբ Վարդանանք տօնին առթիւ։ Երեկոյթը մեկնարկեց Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ  Մարտիրոսեանի բարեգալստեան խօսքով, որուն յաջորդեց Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի  դասախօսութիւնը Վարդանանք տօնին մասին։ Օրուան կատարուեցան երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ․ Վարդանուշ, որմէ ետք  յուշանուէրներ բաշխուեցան Վարդան անուն կրող անձանց։ Երեկոյթին  ներկայ էին  Քիւրտիստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Պրն․ Վահիկ Սարանեան, Զախոյի Թաղական խորհուրդի անդամներ եւ համայնքի զաւակներէն ոմանք։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: