Skip to content
13 Փետրուար 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնը: Հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւնը, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, որուն աւարտին Տէր հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը: Արարողութեան ներկայ էին հաւատացեալ ժողովուրդ։
Like this:
Like Loading...