Skip to content
8 Մարտ 2021-ին, Հունկարիոյ Քրիստոնեաներու հարցերու նախարար Պրն․ Տրիստան Ազբեգ եւ Իրաքի մէջ Հունկարիոյ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Էստեբան Ամրին այցելեցին Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի։ Հիւրերը դիմաւորեցին թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Քիւրտիստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Պրն․ Վահիկ Սիրանեան, Տըհոքի քաղաքապետարանի անդամ Պրն․ Իշխան Սարգիսեան, Տըհոքի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Երուանդ Էմինեան եւ համայնքիս զաւակներէն։ Հանդիպման քննարկուեցան նոր եկեղեցւոյ կառուցման վերաբերեալ հարցեր, որմէ ետք Սրբազան հայրը Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեանին եւ շարք մը ճարտարապետներու յանձնարարեց նոր եկեղեցւոյ վերակացութիւնը։
Like this:
Like Loading...