12 Մարտ 2021-ին, Հանդիսապետութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի եւ ծիսակատարութեամբ՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեանի, Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը անուանուեցաւ «Արմաշ»։ Պատարագին ներկայ էին Թաղական խորհուրդի անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։