Հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Շաբաթ օր, 1 Օգոստոս 2026-ին, Աւզրուկ հայաբնակ գիւղի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Վարդապետ Գէորգեանը՝ մասնակցութեամբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանի։

Արարողութեան ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, ինչպէս նաեւ Աւզրուկի եւ Զախոյի Թաղական Խորհուրդներու ատենապետները։

About The Author

By iamc