25 Յուլիս 2026-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ. Տ. Ներսէհ Վրդ. Խալաթեանի եւ Զախոյի Թաղական խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Դաւիթ Մարտիրոսեանի, այցելեց Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը։
Հիւրերը դիմաւորեցին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանը, թաղական խորհուրդի ատենապետը, եկեղեցւոյ «Արմաշ» երգչախումբի անդամները եւ գիւղի մուխթարը։
Հանդիպումէն ետք, Եկեղեցւոյ «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց Սուրբ Պատարագի շարականներէն։







