Ծաղկազարդի Եւ Դռնբացեքի Արարողութիւնները Պաղտատի Մէջ
Posted on
28 Մարտ 2021-ի, հանդիսապետութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Ս. Պատարագին ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ, իսկ երեկոյեան՝ կատարուեցաւ դռնբացեքի արարողութիւնը։