Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ  Գերշ. Տ․ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի առիթով, Ուրբաթ  Ապրիլի 24-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ  Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն ու օրուայ քարոզխօսն էր արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը ։

 Այնուհետեւ ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորած  թափօրին հետեւելով ուղղուեցան  դէպի  Խաչքար- Յուշարձանը  ու այնտեղ զետեղեցին սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած իրենց սրտաբուխ ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:

Յատկանշական է որ այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղան Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը, Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն․ Ռուբէն Սողոյեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան եւ անդամները, որոշ Եկեղեցիներու Առաջնորդներ, Հոգեւորականաց դասը, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւնները, Առաջնորդարանի առնթեր գործող յանձնախումբերը, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը և հոծ բազմութիւն։

Լուսանկարները`

Րաֆֆի Էմրի Լուսեան

About The Author

By iamc