Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2026ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը եւ Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպեց գրական-գեղարուեստական երեկոյ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ յիշատակին: Միջոցառման հնչեցին Հայրենասիրական երգեր, բանաստեղծութիւններ և օրուան պատշաճ թէ՛ հայերէն և թէ՛ արաբերէն լեզուներով ոգեշնչող խօսքեր։ Իսկ Տհոքի թաղական խորհուրդի անդամ Պրն․ Առի Ռոստոմ Պօղօսեանը դասախօսութիւն մը տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ ներկայացնելով անոր պատմական եւ մարդկային երեսները։
Ազգանպատակ այս երեկոյթին ներկայ եղան’ Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը, Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն․ Ռուբէն Սողոյեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան եւ անդամները, որոշ Եկեղեցիներու Առաջնորդներ, Հոգեւորականաց դասը, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւնները, Առաջնորդարանի առնթեր գործող յանձնախումբերը, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնըինչպէս նաեւ օտարազգի գիտաշխատողներ եւ հիւրեր: