ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Սրբապատկերներու Օծում Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

4 Յունիս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Վահան Եպս․ Յովհաննէսեան: Յընթացս Սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ սրբապատկերներու օծում։ Նշեալ պատկերները գործն են արուեստագէտ Պրն․ Անդրանիկ Օհաննէսեանի: Արարողութեան ներկայ էին՝ Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիզօր դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան, դեսպանատան գցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետը եւ անդամներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: