Պաղտատի Քրիստոնեայ Երիտասարդներու Հաւաքը ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ
Posted on
9 Յուլիս 2021-ին, Օրհնութեամբ՝ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, ԻՀԲԸ Միութեան դահլիճին մէջ Իրաքի Քրիստոնեայ երիտասարդներու ընկերութեան անդամները (ICYC) կազմակերպեցին տարբեր եկեղեցիներու երիտասարդներու հաւաք մը, ձեռնարկին նպատակն էր՝ ծանօթանալ Պաղտատի մէջ այլ եկեղեցիներու համայնքներուն։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ հաւաքին մասնակցեցան Զուարթնոց դպրաց դասի եւ Եկեղեցասիրաց կազմի անդամները (Հեկ)։ Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան դասախօսութիւններ՝ Արժ․ Տ․ Աբրահամ Քահանան ներկայացուց «Քրիստոնէական արժէնքներ»-ը, իսկ Պրն․ Ստեփան Յարութիւնեան խօսեցաւ Հայոց պատմութեան՝ յատկապէս ցեղասպանութեան վերաբերեալ, նաեւ տեղի ունեցան իւղանկարներու ցուցահանդէս, խաղեր եւ մրցումներ։ Ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն․ Վարդան Վարդանեան եւ անդամներէն ոմանք, ԻՀԲԸ Միութեան Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան եւ անդամներէն ոմանք։