25 Յուլիս 2021-ին, Իրաքի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, Իրաքի հիւսիսային շրջան կատարած հովուական այցելութեան ժամանակ հանդիպում ունեցաւ Տըհոքի հայ համայնքին հետ: Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ ժամերգութիւն կատարուեցաւ, որուն ընթացքին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի հրամանով Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանին շնորհուեցաւ ծաղկեփիլոն կրելու իրաւունք, այնուհետեւ դպրութեան եւ կիսասարկաւագական աստիճաններու տուչութեան կարգեր կատարուեցան տեղի Ս․ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ եւ տեղի ունեցաւ սրբապատկերներու օծում մասնակցութեամբ ՝ Թաղական խորհուրդի վարչութեան անդամներուն, կեդրոնական վարչութեան անդամ Պր․ Գէորգ Գատոեան եւ համայնքի հաւատացեալներուն։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ
مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق